ԶՕՐԵԱՆԻՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գլխաւոր ճարտարագէտն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սինոփսիս» ընկերութեան։ Երուանդ Զօրեան սփիռքահայ յայտնի գործիչ մըն է, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահն է։
Եւրոպայի սրտին վրայ համաքրիստոնէական աննկարագրելի ողբերգութիւն. Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական, հոյակերտ մայր տաճարը հրոյ ճարակ դարձաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն՝ նորոգութեան փուլի մէջ ծագած ահաւոր հրդեհին հետեւանքով:
VADİP-ի անունը երէկուան ժողովի լոյսին տակ կը փոխուի որպէս՝ Թրքահայ վաքըֆներու միաւորում:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
Արա Մալիքեան եւ իրեն ընկերակից եօթ հոգիէ բաղկացեալ խումբը անմոռանալի համերգ մը տուին Իսթանպուլի մէջ:
«Իմ ուղին» կեդրոնին ի նպաստ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
«Սինոփսիս Արմենիա»ի եւ Հայաստանի Փոլիթեքնիկ համալսարանին միջեւ համագործակցութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ տարի Մատենադարան այցելած է 113 հազար հոգի։ Այսպէս, Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառը 2018 թուականին ունեցած է 113 հազար այցելու, իսկ Արցախի մասնաճիւղը՝ 16 հազար:
Հայաստանի մէջ ազգային գրադարանային շաբաթը կը սկսի ապրիլի 15-ին։ Այսպէս, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը ապրիլի 15-22 թուականներուն Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ աւանդաբար նշուող Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհանէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինողական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150-ամեակներուն: