ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ, այժմ ֆրանսական Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր-Զաքարեան Ֆրանսայի մարզիչներու դասաւորման մէջ (աւելի շատ վճարուող) կը բաժնէ 11-13-րդ դիրքերը՝ ստանալով ամսական 60 հազար եւրօ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները երէկ փոխանակեցին վերջնագրային ոճով պատգամներ։
Դաշնակահարուհի Սվետլանա Նաւասարդեան երէկ փառաշուք երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Երեւան կը ձգտի կապերը զարգացնել Ատիս Ապապայի եւ ընդհանրապէս Ափրիկէի հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը Աննա Յակոբեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս։ Աննա Յակոբեան, որ կը գլխաւորէ «Իմ քայլը» եւ «City of Smile-Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձութիւնները, նախ այցելեց ԱՄՆ-ի քոնկրէսի գրադարանը, ուր ծանօթացաւ պատմութեան եւ ցուցանմոյշներուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Կլենտէյլի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Արա Նաճարեան, որ չորրորդ անգամ կը կոչուի այս պաշտօնին։ Նախընթաց օր երեկոյեան, Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը ընտրեց Արա Նաճարեանը, որ քաղաքապետի պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Զարեհ Սինանեանին։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականը մտահոգութեան պատճառ:
Լոս Անճելըսէն նախկին պոլսահայ յայտնի բարերար ու համայնքային գործիչը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ յայտնի արուեստագէտ ու հասարակական գործիչ Արա Շիրինեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովին կողմէ այս պաշտօնին համար կազմակերպուեցաւ մրցոյթ մը։