ԱՄԵՆԷՆ ԵՐԿԱՐ ՓԻՑՑԱՆ
Երեւանի մէջ Մանուկներու պաշտպանութեան օրը պատրաստեցին Հայաստանի ամենէն երկար փիցցան, որուն երկարութիւնը 13 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 65 սանթիմեթր: «Տորիա կարտա» ընկերութեան շուկայադրումի եւ վաճառքի բաժնի տնօրէն Սիրան Ապաճեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ այս չափանիշը հաւանաբար կ՚ընդգրկուի «Դիւցազնագիրքին մէջ»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը սեմին:
Անթոնիօ Կութերես երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ նշանակեց Մովսէս Աբէլեանը:
«Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան յաղթանակ տօնեց Աթէնքի մէջ։ 2020 թուականին նախատեսուած Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան ընդառաջ հայկական ընտրանին պայքար կը մղէ J խումբին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Յունաստան-Հայաստան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Կը յուսամ մենք կը սկսինք աշխատիլ 2020 թուականի ուղղութեամբ»:
«Սփութնիք Արմէնիա» հաղորդեց, որ երէկ Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր թռիչք մը։ Սա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի վերջ վերջին պահուն այդ ծրագիրը ձախողած էր։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարին նոր հատորը կը համարուի եզակի հրաատարակութիւն մը Աստուծաշունչի յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն։