ՖԻՏԱՆ ԱԹԷՆՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք, ուր կը հիւրընկալւի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Կերափեթրիտիսի կողմէ։ Մինչ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ նոր կլիմայ մը ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին, այցելութեան ընդառաջ երկու նախարարները փոխադարձ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յառաջատար լրատուամիջոցներուն։