ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պիշքէքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պիշքէքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովը։
Մոսկուայի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գուրգէն Արսէնեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ համապատասխան արարողութիւնը, որու ընթացքին Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդատու Եուրի Ուշաքով։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ երէկ սկիզբ առաւ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին առթիւ թեմաթիք ուղղութիւններով կը գնահատուի իր վիթխարի ժառանգութիւնը:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով Երեւանի համաժողովի ընթացքին, վերջերս ելոյթ ունենալով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնող անձը, որ իր արտայայտութիւններուն մէջ միշտ կը ջանայ ինքնատիպ երեւիլ, զինեալ ուժերու նիւթով ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է։
Այսօր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական ընտրութիւն։ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած՝ այժմու փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած՝ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարը ի վերջոյ կ՚եզրափակուի՝ ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու չվերադարձուելու պարագային ճիշդ չի համարեր՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 կլիմայի փոփոխութեան գագաթաժողովին մասնակցութիւնը։
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտարարեց, որ արդէն պատկերացումներ կան, թէ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկումը որքան ժամանակ ու միջոցներ կը պահանջէ։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Հայաստանի մէջ կը դիտարկուին՝ արհեստական բանականութեան դարաշրջանի հեռանկարները:
Նախարար Ժաննա Անդրէասեան անդրադարձաւ հանրակրթութեան ոլորտի համապատասխան բարեփոխումներուն:
Համակրելի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան շաբաթավերջին փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մէջ։ Իլտա Սիմոնեան, որ կ՚ապրի Հոլանտայի մէջ, մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ծրագիր մը ներկայացուց Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ։