ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ԱՆԱԼԵՆԱ ՊԵՐՊՈՔ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ֆիտան հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու վերակենդանացման ուղղութեամբ Գերմանիա պէտք է յառաջատար դերակատարութիւն ունենայ։