ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԹԱՓՈՎ
Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի 6-ին, Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 17-ին խաղերու եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ՝ սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագրի մը տնօրէն նշանակուած է Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
Atv-ի հեռուստակայանին վրայ վերջերս տեսասփռուեցաւ Նիհատ Հաթիպօղլուի հանդիսավարութեամբ յայտագիր մը, որու ժամանակ լսարանին ներկայացուեցաւ ուղիղ եթերի վրայ դաւանափոխ դառնալով իսլամը ընդունած հայազգի պատանի 13-ամեայ Արթուրը։ Այդ դրուագները թէ՛ համարուեցան վիրաւորական եւ թէ դուռ բացին վէճի մը։ Հաղորդումի սփռուելէն վերջ Պատրիարքական Աթոռն ալ շարժման անցած է զանազան ուղղութիւններով։
Անգարա եւ Պաղտատ կարեւոր քայլեր առնել կը ձգտին տարածքաշրջանի առկայ իրավիճակին մէջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Պելժիա, ուր նախագահեց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Պրիւքսելի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ նաեւ շարք մը միջեկեղեցական հանդիպումներ։
Մնացականեանի եւ Մամետեարովի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումը կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախօրէին ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպած էր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։