«Ս-400»ՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՎ
Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ «Ս-400» հրթիռներու հարցին շուրջ Թուրքիա կը գործէ իր շահերուն ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա իր շահերուն տեսակէտէ անհրաժեշտը կ՚ընէ, իր սեփական որոշումը կը կայացնէ եւ կ՚ընէ իր նախընտրութիւնը»։ Օքթայ նշեց, որ Թուրքիա որոշում կայացնելու ժամանակ կ՚առաջնոր-դըւի միայն սեփական շահերով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան հարցազրոյց մը տուաւ The Jerusalem Post թերթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան կը դիտարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու հարցը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր ներկայութեամբ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը իրաւատէր է կղզիի մերձակայքի բնական հարստութիւններու պարագային։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը բաժնետէրն է այդ հարստութիւններուն եւ բոլորը պէտք է վարուին ըստ այդմ։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհաւորելով դեսպանը նոր առաքելութեան կապակցութեամբ՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ բարեկամութիւնն ու ընկերութիւնը՝ ընդհանուր արժէքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ։
Անգլիական BBC-ն հեռարձակեց հաղորդում մը՝ ձօնուած ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին։ Ձայնասփիւռի միջոցաւ այս ծրագրին հեռարձակումը համընկնեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։
Անկլիքան եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ զետեղուեցաւ առաջին հայկական խաչքարը, որու օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Քենթըրպըրի քաղաքը կը համարուի Անգլիոյ հոգեւոր կեդրոնը եւ այս խաչքարը միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ տարածքէն ներս կանգնեցուած առաջին հայկական խաչքարն է։