ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Հայաստանի պետական աւագանին շաբաթավերջին ցաւակցականներ հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամներով հանդէս եկան՝ արտայայտելով իրենց ցաւը։
Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յետմիջօրէին ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Համայնքը խոր սուգի մէջ. ոչ եւս է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մահուան կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։
Խոր ցաւով եւ սրտի ճմլումով կը հաղորդենք, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս հանդիսաւորապէս ծանօթացուեցաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւն» ծաւալուն աշխատանքը: