ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ նախօրէին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցութիւն բերած էին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին։