ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան որպէս նախագահ պաշտօնավարման ողջ տեւողութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Կիւմրի քաղաքը, Շիրակի մարզը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նախագահը յայտնեց, որ իր նպատակն է՝ փոքր, մեծ ամէն տեսակ քայլով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Կիւմրիին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեանի։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Սեւան Պըչաքճը Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթացուց իր նոր հաւաքածոն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։
Ծաղիկներ ու մոմեր. 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու զոհերը երէկ վերյիշուեցան Երեւանի մէջ: