ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Աթոռի իրաւաբանները բազմակողմանի աշխատանք կը տանին:
Փաստաբաններ Ալի Էլպէյօղլու եւ Առէն Տատրօղլու Վճռաբեկ ատեանի հակասական որոշումներէն վերջ դիմեցին Սահմանադրական ատեան՝ վիճարկելու համար նախապէս տրուած իրերամերժ որոշումները: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ալ կը պահանջուի Սիրքէճիի պատմական կալուածի հասոյթը օգտագործել՝ կտակով նախատեսուած նպատակներուն համապատասխան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը:
Հայաստան եւ Իրան կը ձգտին զարգացնել իրենց բազմաոլորտ համագործակցութիւնը՝ որպէս հարեւաններ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Ճերըտ Քուշնէրը, որ միեւնոյն ժամանակ անոր փեսան է։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց Պեշթեփէի զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային հարցեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ նոր գիրք մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Մեսրոպ Արք. Տէր-Մովսիսեանի «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց հայկական թարգմանութեան» աշխատութիւնն է այս մէկը, որ ռուսերէնէ թարգմանուած է Սուսաննա Նահապետեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան։ Իրեն կ՚ընկերանան տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ խորհրդարանին մէջ հերթական անգամ ելոյթով մը հանդէս եկաւ BREXIT-ի շուրջ։ Ան յայտնեց, որ եթէ Եւրոմիութեան հետ՝ վերատեսութեան ենթարկուած ու համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութեան տարբերակն ալ մերժուի խորհրդարանին կողմէ, ապա օրակարգի վրայ պիտի գան առանց համաձայնութեան բաժանումի եւ կամ BREXIT-ի ժամկէտի յետաձգման վարկածները։
«Հայաստանի ստացած դրամական աջակցութեան չափը էապէս պիտի աւելնայ յառաջիկայ շրջանին»:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նուագահանդէս մը։ Յայտնի դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական ուշադրութեան։