ՓՈՒԹԻՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Քրեմլինի պալատի երդիքին տակ երկու ղեկավարները պիտի անդրադառնան Սուրիոյ տագնապին եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան:
Կեսարիոյ մէջ երէկ յայտնաբերուեցաւ 13-րդ դարէ մնացած պաստառ մը, որու վրայ պատկերուած է Տէր Յիսուսի խաչելութիւնը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, Կեսարիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարեց առեւտուրի կեդրոնէ մը ներս եւ այդ գործողութեան ընթացքին ձեռք անցաւ սոյն պաստառը, որու արժէքը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա։
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Ս-400 հրթիռային համակարգեր ապահովելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ վճռակամութիւնը:
Ամենայն հայոց բանաստեղծի ծննդեան 150-ամեակը կը նշուի բազմակողմանի ձեռնարկներով:
Holiday Inn պանդոկներու յայտնի միջազգային ցանցը մուտք գործեց Հայաստանի շուկայ։ Երեւանի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կատարուեցաւ Holiday Inn պանդոկի բացումը։
The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը Գերմանիոյ մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան եւ Միւնիխի Թեքնիկ համալսարան։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պինալի Եըլտըրըմ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։