ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻ ԲԱՑԱՌԵԼ ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ BREXIT-Ի ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ յայտնեց, որ առանց պայմանաւորուածութեան BREXIT-ի բացառման ճանապարհն է խորհրդարանի կողմէ համաձայնութեան մը վաւերացումը։ Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը հետապնդէ այս նպատակը։

Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտոր Մելեշճանու յայտնեց, որ յառաջիկայ մարտի սկիզբին Պուքրէշի մէջ կը նախատեսուի Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ գագաթաժողով մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, կը ծրագրուի, որ այս գագաթաժողովին մասնակցութիւն բերեն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ միւս բարձրաստիճան իրաւասուները։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան շաբաթավերջին ժամանեց քաղաքս։ Ան այսօր արդէն կը ձեռնարկէ իր նոր պաշտօնին։ Սահակ Սարգսեան քաղաքս եկած է իր ընտանիքին հետ։
Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի 12-րդ տարելիցին ընդգծուեցան արդարութեան սպասումները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց ճարտարապետ, շինարարական արուեստի պատմաբան Լիպարիտ Սադոյեանի «Մեսրոպաստեղծ հայոց գրապատկերներու կազմութեան սկզբուքները» աշխատութիւնը։
Վրաստանի թատերական միութեան որոշմամբ՝ Թիֆլիզի հայկական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Արմենակ Պայանտուրեան արժանացած է վրացի բեմադրիչ, մանկավարժ Միխէիլ Թումանիշվիլիի անուան մրցանակի:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներէն Կրահամ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ: