ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի երդիքին տակ զրոյց:
Սարգսեան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար կը կարեւորէ արդար եւ խաղաղ միջավայրի մը ստեղծումը. «Մենք պէտք է փորձենք այս բանը ընել այսօր, այլապէս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ»:
Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։
Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ՝ հրատապ օրակարգով հեռախօսազրոյց մը:
Երէկ երեկոյեան, Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցները մօտալուտ Ամանորի սեմին համախմբուեցան քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ «Տը կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սարըեէրի գաւառապետ Օսման Կիւրսոյ։
«Հայաստան Գերմանիան կը դիտարկէ՝ որպէս քաղաքական ու տնտեսական կարեւոր գործընկեր»:
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։
«Klasik Gitar İçin Gomidas Vartabed Düzenlemeleri» գիրքը հրապարակի վրայ: