Լրահոս

«ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԵՏ ԱՂԵՐՍ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԸՍԵԼԻՔԸ ՈՒՆԻ»

Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱԹՈՒԼ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՚ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւ-արեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտաւորապէս տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ «ԱՇՆԱՔԼԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Սուրիոյ նախագահին հրամանով հալէպի մէջ վարժարան մը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուորին անուամբ։ Այսպէս, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։

ԻՏԼԻՊԻ ՇՈՒՐՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ. ԱՅՍՕՐ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Իտլիպի վերաբերեալ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի գագաթաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապն ու մասնաւորապէս Իտլիպի կացութիւնը։

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՍԵՄԻՆ ՊԵՐԼԻՆԷՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԳԱՐԱ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը կը հիւրընկալուի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնասի ենթարկուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման հարցերը։

ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը. Սուրիոյ բանակին կողմէ ալ թնդանօթներ կ՚արձակուին :
Չավուշօղլու-Փոմփէօ հեռախօսազրոյց, Անգարա կը հիւրընկալէ Մաասը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի վերահասու դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ թրքական կողմի մօտեցումներուն:

Էջեր