ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԴԷՊՔ
Ռիզէի անվտանգութեան տնօրէն Ալթուղ Վերտի երէկ զոհ գնաց սարսափելի զինեալ յարձակումի մը։ Ոստիկան Իսմայիլ Հաքքը Սարըճաօղլու, որու այլ վայր մը գործուղղուելու փափաքը մերժուած էր, երէկ կրակեց անվտանգութեան տնօրէնին վրայ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը պատրաստուի իր 90-րդ ընդհանուր ժողովին։ 7-9 փետրուար 2019-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի համագումարը։ 90-րդ ընդհանուր ժողովը, որ պիտի համախմբէ աշխարհատարած մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, միեւնոյն ժամանակ ունի յոբելենական բնոյթ։
Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով տարած յաղթանակէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ զրուցեց օտարերկրեայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Սփուտնիկ-Արմենիա» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ խօսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Թիֆլիզ։ Ան ելոյթ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին ժամանակ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան վերջերս այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ։ Այս առթիւ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Լոս Անճելըսի մէջ կեցութեան օրերուն պատարագեց Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս ձեւաւորուեցաւ ամուր մեծամասնութիւն մը: Խորհրդարանէն ներս թէեւ յեղափոխականներու դիրքը ամրապնդուեցաւ, սակայն արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ ընտրողներու հազիւ 48.6 տոկոսը: Նոր իրավիճակի մէջ կը նախատեսուին նոր ձեւաչափեր:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ նորանշանակ դեսպան Խուան Կոնզալէս Պարպան, որու հետ էր նաեւ իր կողակիցը։ Սպանիոյ դեսպանը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան ու ծանօթանալ թրքահայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնի գործունէութեան եւ առաքելութեան։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ ժողովը վերջերս տեղի ունեցաւ Միլանոյի մէջ: