Լրահոս

ՎՃՌԱԿԱՄ ԸՆԹԱՑՔ

Հանրապետութեան նախագահը յօդուած մը գրի առաւ The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Թուրքիա կը ձգտի ծաւալուն ռազմավարութիւն մը կեանքի կոչել Սուրիոյ պարագային:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ. «ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՊԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՉԷԻՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2019 թուականի առաջին կարեւոր քննարկումներէն մին պիտի դառնայ Հայաստանի կառավարական համակարգին մէջ «սպասուած» փոփոխութիւնները։ Խօսքը Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութեանց փակման մասին է, որուն շուրջ աւելի առաջ մի քանի հրապարակումներ ալ եղան։

ՅՈՒՍԱՌԱՏ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

«Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածապատուէր ուղիով մարդկութիւնը պիտի կարողանայ ըլլալ Երկիր մոլորակի վրայ ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք՝ փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները ու ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որ հնչեց շնորհաբեր ժամուն Սուրբ Ծննդեան»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ­. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ իր պատգամը «Ընտանիքի տարուան» մեկնարկին:

ԱՄՈՒՐ ՁԳՏՈՒՄ

«Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորումը հիմքն է Թուրքիոյ քաղաքականութեան»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց իր պաշտօնակից Պեհրամ Սալիհը:

ՊՈԼՍՈՅ ՇԻՐՄԱՔԱՐԵՐ. ԶՐՈՅՑ՝ ՀՐԱՉ ՔԸՐՄԸԶԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրը 2 հոկտեմբեր էր։ Քաղաքը խցանուած։ Այդ օր նոյնիսկ անհնար էր հասնիլ Հանրապետութեան հրապարակ եւ կարծես փոխադրութեան միակ միջոցը մնացած էր մեթրոն։ Պոլսահայ բարեկամ մը՝ Նազար Պինաթլըն, որ վերջին ամիսներուն յաճախակիօրէն Երեւան կը յայտնուէր, իմաց տուած էր, թէ այդ օրերուն Երեւան պիտի գտնուին պոլսահայ արմատներով՝ Անուշաւան-Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները։

Էջեր