ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐԴ ՎԻՃԱԿ
Յունաստանի մէջ նախատեսուած Սահմանադութեան փոփոխութիւններու ծիրէն ներս պետական ու կրօնական գործերու տարանջատման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը կը շարունակեն զբաղեցնել հանրային կարծիքի օրակարգը։ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Աթէնքի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի միջեւ այս ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը արդէն նոր մարտահրաւէրի մը վերածուած է։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ կարեւոր հիւր մը. յանձինն՝ Սաթի Մանկասարեանի (Ունճեան)։ Ան վարժարանի հիմքերը դրած Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն է ու նախկին շրջանաւարտուհիներէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ղեկավարներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրը։ Այս վերջինը ՃՀՓ-է ներս դիմում ներկայացուցած է՝ որպէսզի կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու ցոյց տրուի։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս «Ագափէ» յանձնախումբը կը ծաւալէ աշխոյժ աշխատանք:
Նարեկ եւ Տիգրան Հախնազարեանները համատեղ սկաւառակ ձայնագրած են։ Այսպէս, թաւջութակահար, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարեկ Հախնազարեան իր եղբօր՝ խմբավար, ջութակահար Տիգրան Հախնազարեանի եւ Վիեննայի սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ միասին սկաւառակ մը ձայնագրած է:
Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան «Մերկերեան» գորգի թանգարանին մէջ ընթրեց Հարվըրտի համալսարանի հայ շրջանաւարտներուն հետ:
Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը) քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի սպառի։ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, որ ամերիկացի զինուորները Սուրիոյ մէջ մնալ պիտի շարունակեն՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ-ի վերջին դիրքերը ձեռք անցընեն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ջնջող՝ նախապէս կայացուած դատավճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը վերաքննութեան համար Վճռաբեկ ատեանին կողմէ վերադարձուած է Վերաքննիչ դատարան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ այս համալսարանին միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ միտուած է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման։