Լրահոս

ՎԻԳ ՏԱՐՉԻՆԵԱՆ. «Կ՚ՈՒԶԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ԴՊՐՈՑԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ՝ ՆՈՐ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐ ՄԱՐԶԵԼՈՎ»

Աշխարհահռչակ հայազգի կռփամարտիկ Վախթանք (Վիգ) Տարչինեան կը փափաքի Հայաստանի մէջ ապագային հզօրացնել կռփամարը։ Ինն անգամ աշխարհի կռփամարտի արհեստավարժ ախոյեանը Երեւանի մէջ Համօ Մոսկոֆեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարանք ստորեւ։

ՅՍՏԱԿ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Անգարա Պաքուի գլխաւոր գործընկերն է ռազմական գործակցութեան առումով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին:

ԴՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

CNN Türk հեռուստակայանը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը ընդունած է՝ փոքրամասնութիւններու սրբատեղիներու պարագային։ Այսպէս, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցիներու եւ սինակոկներու պարագային պիտի ձեռնարկէ կարեւոր կարգադրութեան մը։

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԻ ԱՃ

2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ 102 տոկոս աճած է, կամ՝ 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:

Էջեր