15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԶԻՆԵԱԼ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Համայն Թուրքիոյ ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է 15 յուլիսի տարելիցին վրայ։ Թէեւ զինեալ յեղաշրջման փորձին վրայէն անցած է երկու տարի, սակայն այդ սարսափելի դէպքերուն յիշողութիւնը թարմ է բոլորի մտքին մէջ։ 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ յաղթահարած փորձառութիւնը անկիւնադարձ մը կը համարուի երկրի ժողովրդավարութեան պատմութեան տեսակէտէ։