ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։
Սուրիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Երեւան։ Այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ էր երկրի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններէն Նորա Արիսեան։
Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն խումբ մը սաներ եւ ուսուցիչներ քաղաքիս մէջ կ՚անցնեն յատկանշական օրեր:
Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտ Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութեան վերաբերեալ ցուցահանդէս մը։ Բառին բուն իմաստով աննկարագրելի ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ կոչուած է՝ «Փարաճանով՝ Սարգիսի հետ»։
Արդարադատութեան, արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ ելմտական ու գանձի նախարարներուն մասնակցութեամբ կարեւոր ժողով Անգարայի մէջ:
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան 10-րդ վեհաժողովը:
Ռիզէի անվտանգութեան տնօրէն Ալթուղ Վերտի երէկ զոհ գնաց սարսափելի զինեալ յարձակումի մը։ Ոստիկան Իսմայիլ Հաքքը Սարըճաօղլու, որու այլ վայր մը գործուղղուելու փափաքը մերժուած էր, երէկ կրակեց անվտանգութեան տնօրէնին վրայ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։