ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ՝ Արհեստական բանականութեան գործառոյթներուն վերաբերեալ միջազգային գագաթաժողովին, որ Մեծ պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հովանաւորութեան ներքեւ։
Ըստ Էրտողանի՝ ոեւէ մէկուն ուժը չի բաւեր ու պիտի չբաւէ՝ Պաղեստինէն աքսոր մը կազմակերպելու:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Հնդկաստան, ուր մասնակցեցաւ «Aero India» պաշտպանական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
ՃՀՓ-ի շարքերէն ներս արտասովոր աշխուժութիւն՝ նախագահի թեկնածուն յստակեցնելու համար:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Պաղեստինի հարցը:
Եւրոպա կը ձգտի ինքնիշխանութիւնը ամրապնդել արհեստական բանականութեան գծով:
Լարուած իրավիճակներու մէջ մարդիկ սովորականէն աւելի կը կասկածին սեփական ուժերէն, նաեւ կը գերագնահատեա դիմացինին հնարաւորութիւնները կամ կարողութիւնները։ Մրցակցութեան էութեան մէջ միշտ կան՝ անկանխատեսելիներ, անակակալներ եւ ընդհանուր կառավարումը կը պարփակէ նաեւ անոնց վերաբերեալ հաշուարկներու չափումներ։
Նահագահ Տանըլտ Թրամփ Օսլոյի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակեց Մայքըլ Քավուքճեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Օսլոյի մէջ տեսակցեցաւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Պարթ Էյտէնի հետ։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։