ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կետէոն Սաար նախընթաց օր Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները։