ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ կազմակերպուած BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Անոնք քննարկեցին Երեւան-Պաքու ենթադրեալ պայմանագրին եւ սահմանազատման վերաբերեալ հարցեր։