ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆ ՆՈՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը, որու սաները փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկան իրեն ի պատիւ։ Պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ պարն ու երաժշտութիւնը եւ հայկական մշակոյթի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ պարարուեստին։