Լրահոս

Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի բեմ կԸ բարձրանաՅ «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» ներկայացումը

Աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքի հիման վրայ իրականացուած համանուն բեմադրութիւնը թատերասէրներուն հնարաւորութիւն կու տայ մեծահասակներու մէջ փնտռել մանուկները եւ թոյլ չտալ, որ հասուն մարդիկ կորսնցնեն իրենց  երազները:

ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետը Փաշինեանին շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ յղեց՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂԱԿԻՑԸ՝ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

​Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ կառավարական պատուիրակութեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան։

ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի  եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով համակարգող տնօրէն Ֆրանսիս Մալիժի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ

Երէկ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան Իւնալ Տեմիր (24), Սէյֆետտին Աքպաշ (28) եւ Սերճան Քոչ (23)։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԸ

​Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հիւրընկալեց ամերիկահայ ֆոթոմոտել Քիմ Քարտաշեանը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ԱՄՆ-ի նախագահն ու ամերիկահայ աշխարհահռչակ աստղը քննարկեցին բանտերու համակարգի բարեփոխումներու վերաբերեալ հարցեր։

Էջեր