ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններու շարքին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններու շարքին:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի շարք մը լրատուամիջոցներուն կողմէ վերջին օրերուն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց Փարիզի ղեկավարութիւնը ջնջած է արգելքը՝ Ատրպէյճանին ռազմական արդիւնաբերութեան արտադրանք արտածելու ուղղութեամբ։ Այդ պնդումները վերջին օրերուն լուրջ արձագանգ գտած էին Հայաստանի մէջ։
«Ես Այվազովսքին եմ, ծնունդով Խրիմէն» շարժապատկերի հեղինակները նոր ժապաւէնով փորձած են ցոյց տալ, թէ մարդիկ ինչ կը մտածեն հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին: 2018 թուականին արտադրուած ժապաւէնը Երեւանի 15-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթային ծրագրին մէջ է:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Որոշուեցաւ շաբաթ մը եւս սպասել՝ որպէսզի անդրադարձումի առիթ մը եւս ընծայուի Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի կողմէ գլխաւորուած տխուր շարժման անդամներուն՝ դադրեցնելու հակականոնական իրենց գործողութիւնները եւ զղջման ու ապաշխարութեան ճանապարհով վերադառնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խնամակալ հովանիին տակ:
Պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ Անգարա-Պաքու կապերը յատկապէս կարեւոր:
Էրտողան զրուցեց Ալիեւի հետ. «TANAP Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան դրսեւորումներէն մին է»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ 13 յուլիս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։
Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Միջազգային մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ սա դաշինքի կարեւոր գագաթաժողովներէն մին է։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ ընդհանրապէս թէեւ արտաքին սպառնալիքներու վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն ներկայ փուլին առաջնահերթ դարձած են շարք մը ներքին խնդիրներ։
«Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութիւնը վերջին օրերուն հաղորդեց, որ Փարիզի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս կը դադրեցնէ ֆրանսական ընկերութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական նշանակութիւնով արտադրանք՝ այսինքն, զէնք ու զինամթերք վաճառելու արգելքը։
Թուրքիոյ մէջ երէկ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախագահական կառավարման համակարգ: Երեկոյեան ժամերուն հրապարակուեցաւ նոր Նախարարաց խորհուրդի կազմը, որ կը բաղկանայ 16 հոգիէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երդումը կատարեց Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ, յարգանքի այց մը տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը եւ Պեշթեփէի մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնակալման արարողութեան: Անգարայի
պատմական հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու: