ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՅՑ

ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։

ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը արդէն Երեւանի մէջ է։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ իր ընկերակիցները այս առաւօտ ընդունուեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ստեփանակերտէն արձագանգ. «Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծէն ետ չի քաշեր տակաւին անցեալ ապրիլին կուտակուած մեծ քանակութեամբ ստորաբաժանումները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը, որու սաները փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկան իրեն ի պատիւ։ Պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ պարն ու երաժշտութիւնը եւ հայկական մշակոյթի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ պարարուեստին։
Էրտողան. «Թուրքիա հետզհետէ կը դառնայ տարածքաշրջանային ուժանիւթի ցանցերու կեդրոնը»:
Էսքիշեհիրի մէջ երէկ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով ազդարարուեցաւ TANAP-ի պաշտօնական բացումը:
Երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միաբաններու արտահերթ խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովին մասնակցութիւն բերին այն քահանայ հայրերը, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ երէկ Սինկափուրի մէջ ստորագրուած յայտարարութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Երկու նախագահներուն ստորագրութեամբ հրապարակուած համատեղ փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէա պատրաստ են նոր յարաբերութիւններ կառուցելու եւ խաղաղութեան։
Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամներէն մին երէկ լքեց իր պաշտօնը։ Այսպէս, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանտիլեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ:
Քոչարեան. «Եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի յառաջընթաց ունենալ, պէտք է բանակցի Արցախի հետ»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ Ճանաչողական բնոյթով այս այցելութիւնը նախարարին կողմէ իրականացուեցաւ գործընկերային տրամադրութեամբ։