ԴՐԱԿԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ իֆթարի սեղան՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Վասիփ Շահին երէկ երեկոյեան այցելեցին Պատրիարքարան
«Անընդունելի է մտահոգութիւններու ներկայացման համար որդեգրուած վերջնագրային ոճը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողովի ընթացքին քննարկում:
Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը երէկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ աւանդական հաւաքոյթ:
Ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Բարձրաստիճան հիւրի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, ընդհանուր քարտուղար Սիլվա Թրիքայի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։