Լրահոս

ՄԵՆՊԻՉԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՁԳՁԳՈՒՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիսի հետ։ Երկու նախարարները տեսակցեցան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս։

ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ «Աւրորա» մրցանակը։ Այսպէս, 2018 թուականի դափնեկիրը դարձաւ Ռոհինճա ժողովուրդի առաջնորդ, իրաւաբան ու մարդու իրաւանց պաշտպան Չօ Լա Աուն։

ԴՐԱԿԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ իֆթարի սեղան՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Վասիփ Շահին երէկ երեկոյեան այցելեցին Պատրիարքարան

ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
«Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ»:

«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՒ ՀԱՄԱՐՈՒԻԼ»

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։

«ԵՐԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ Միաբանական ժողով մը։ Մայր Աթոռէ ներս պաշտօնավարող քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու աւարտին մասնակիցները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութիւնով.
Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ, սիրեցեալ հաւատաւոր ժողովուրդ,
Վերջին օրերուն համացանցի վրայ յայտնուած են նախաձեռնութիւններ եւ բողոքի կոչեր, որոնք հասցէագրուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։

Էջեր