ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
Koro Kültürü Derneği-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Korolar Maratonu փառատօնը երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, Լուսաւորիչ երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ ծրագրին՝ իր մակարդակով արժանանալով ունկնդիրներու բարձր գնահատանքին:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ անմիջական տեսակցութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ արժանթինահայ գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց «Թիէրաս տէ Արմենիա» (Հայաստանի հողեր) ընկերութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երեւանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ իր հրաժարականը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Վատիկանի պարտէզներէն ներս երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց նահատակ պետական գործիչ Կարէն Տեմիրճեանի տուն-թանգարանը։
Իտալացի յայտնի ջութակահար ու ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի երգը՝ Արեւի աստուծոյ տաճարին մէջ» տեսահոլովակը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի Բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ Հայաստանի Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթրը Տամի համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, Ինտիանա, Բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Անի Աբրահամեանը՝ առաջարկելով Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։