ԱՍԵԼՊՈՌՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու Եւրոպայի գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Շիքակոյի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հիւպատոսարանի իրաւասութեան դաշտը կ՚ընդգրկէ Իլինոյ, Միսուրի, Այովա, Վիզքոնսին եւ Մինեսոթա նահանգները։
«Մոտերն թոլքինկ» նշանաւոր երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։
Պիթլիսի «Էրէն» համալսարանի նախաձեռնութեամբ աշխատանքներ պիտի կատարուին՝ ուսումնասիրելու համար քաղաքի շուրջ 7 հազար տարուան պատմութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համալսարանի Պիթլիսի շրջանի պատմութեան, մշակոյթի գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնը ուսումնասիրութիւններ յառաջ կը տանի՝ երեւան բերելու համար քաղաքի պատմութիւնն ու արժէքները՝ այդ բոլորը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Վերջին տարիներուն հաճելի աւանդութիւն մը դարձած է Զեքիեան Գերապայծառի Ս. Զատկի սեմին օրհնաբեր այցելութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։
Ժան-Քլոտ Եունքէր. «Ես երաշխաւոր եմ Անգարայի հետ բանակցութիւններու տեւականացման եւ տրուած խոստումներու յարգուելուն համար»:
Ամերիկայի Հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահը Երեւանի մէջ: