Լրահոս

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը:
Հայաստանի ազգային գրադարանը յաջորդ տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը: Այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է թուային գրադարաններու հինգերորդ խորհրդաժողովը:
Տիգրան Զարգարեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան հանդէս եկան զեկուցումներով, նաեւ պատասխանեցին հարցումներու:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ՏԵՒԱԿԱՆԱՑՆԷ ԻՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հրապարակեց Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութեան շուրջ իր որոշումը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ որոշած է համաձայնութիւնը տեւականացնել։

Հրանդ Մել­քու­մեան՝ Լա­ւա­գոյն Հա­րիւ­րին Մէջ

Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան (ՖԻՏԷ) հրապարակած Յունուար ամսուան նոր դասաւորման մէջ, հայազգի կրոսմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ չորրորդ դիրքը՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2797 կէտ, ինչ որ 8 կէտով պակաս է նախորդ ցուցանիշէն:

«ՈՐԴԱՆ ԿԱՐՄԻՐ» ԽՈՒՄԲԻ «ԼԱՕ» ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Վերջերս «Որդան կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, հրապարակեց իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ, ինչպէս  նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին:

ՅԱՒԵԼԵԱԼ 2800 ՊԱՏԱՆԻ

Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը ընդլայնած է կրթական ծրագրի հասանելիութիւնը՝ ապահովելով 170 յաւելեալ համակարգիչ եւ կեդրոնին մէջ ընդունելով 2800 պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին սպասման ցուցակներու վրայ: Այժմ նոր ուսանողները եւ անոնց ծնողները կը գտնուին կողմնորոշիչ հանդիպումներու եւ առաջին՝ նախապատրաստական դասերու փուլին:

ԴՐՈՒԱՏԱԼԻՑ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

«Անատոլու» գործակալութիւնը կատարեց թողարկում մը՝ անդրադառնալով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանին:
Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով յատկապէս մատնանշուեցաւ «աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական լրատուամիջոցը»՝ առաքելութեան առանձնայատկութիւններով:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄՆ-Ը ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ԽԻՍՏ ՈՃՈՎ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՏՆԻ»

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայիս ծագած են նոր տարաձայնութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան վերիվայրումներ եւ այս խնդիրն ալ եկած է հանդիսանալ հերթական գործօնը։

ԻՋԵՑՆԵԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին ներկայ ամսուան կէսին. Երեւան տուեալներ չի հրատարակեր:
Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան. «Այս պահուն շատ դժուար է խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի մասին, որովհետեւ կողմերու միջեւ ի սպառ կը պակսի վստահութեան մթնոլորտը» - Իտալական նախագահութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն:

Էջեր