ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՇԻ-ՈՒՇՈՎ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան հետեւութիւններ կ՚ընէ Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գործընթացին շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց նահատակ պետական գործիչ Կարէն Տեմիրճեանի տուն-թանգարանը։
Իտալացի յայտնի ջութակահար ու ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի երգը՝ Արեւի աստուծոյ տաճարին մէջ» տեսահոլովակը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի Բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ Հայաստանի Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթրը Տամի համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, Ինտիանա, Բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Անի Աբրահամեանը՝ առաջարկելով Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն եռակողմանի գագաթաժողովի արդիւնքին շեշտուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։

Չհամաձայնեցման շարժման մասնակից երկիրներու նախարարաց միջանկեալ ժողովը՝ Պաքուի մէջ։
Աւանդական դարձած ձեռնարկ. «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։