Հարթակ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՖՐԱՆՍԱՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւնները հերթական պատեհ առիթն է անդրադառնալու Ֆրանսայի թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ իբրեւ քաղաքակրթական արժէք:
Ֆրանսան միջազգային ընտանիքին մէջ իւրայատուկ երկիրներէն կը համարուի իր ամէն ինչով: 

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՔԱՐԼ ԿԻՒՍԹԱՒ ԵՈՒՆԿԻ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վերլուծական հոգեբանութեան հիմնադիրն է հոգեբոյժ Քարլ Կիւսթաւ Եունկ, որ կը համարուի շատ կարեւոր անձնաւորութիւն՝ հոգեբանութեան եւ հոգեբուժութեան պատմութեան մէջ։ Ան ծնած է Զուիցերիայի մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքի մեծ մասը։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կար ժամանակ երբ կիներ՝ օղերը կը դնէին իրենց ականջներուն վրայ, իսկ ապարանջանները՝ իրենց ձեռքերու դաստակներուն վրայ։ Տարիները թաւալեցան եւ սովորութիւն դարձած այդ երեւոյթները փոխուեցան, դէպի լաւ թէ գէշ՝ չեմ գիտեր, քանի ես պարզապէս կը ներկայացնեմ իրականութիւնը՝ ինչպէս որ կը տեսնեմ։

ԱՊՐԻԼ 25-Ը ԱՊՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարիներ առաջ եւ գրելով պաղեստինեան խնդրին մասին՝ բրիտանացի այլախոհ լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք նկատել կու տար, որ շատ են այն պաղեստինցիները, որոնք ապրելով հանդերձ Պէյրութի ամենախուլ գաղթակայաններուն մէջ, իրենց պատերէն կախուած կը պահեն բանալիները այն բնակարաններուն, զորս ունէին հին Պաղեստինի մէջ։

ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ. ՀԱՄՇԷՆԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջերս արեւելահայերէնով գրուած պատմական Համշէն գաղթավայրի մասին երկարապատում եւ սխալաշատ յօդուած մը կը կարդայի, այլապէս ուսանելի, գնահատելի եւ բազմաբնոյթ մանրամասնութիւններով, առանց սակայն տեսնելու յօդուածագրին անունը։

ՀԱՅ ՄԸ՝ ԱՆՋՐՊԵՏԻ ՄԷ՞Ջ…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ չէ։ Եթէ հայ մը՝ յանձինս լիբանանահայ տքթ. Արտեմ Փաթափութեանի (տես նկարը), անցեալ տարի Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, ուրիշ հայ մըն ալ կրնայ մօտիկ ապագային անջրպետ երթալ, բայց ոչ թէ որպէս աստղանաւորդ՝ այլ որպէս աստղանաւորդներու վիրաբոյժ բժիշկ։

Ո՞ՐՆ Է ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ապրիլ 13-ին, կառավարութեան կողմէ 2021 թուականի ծրագրի գործադրութեան քննարկման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովին ներկայացուցած զեկոյցը անկիւնադարձային էր՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն ի վեր, Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն անձնաւորութեան մը կողմէ արտայայտուած։

ԻՆՖԼՈՒԷՆԶԱ (1) ԿԱՄ ՆՈՐ ՑԱՒ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նկատի ունենալով բժշկապետ Վահան Արծրունիի գրքոյկներու պարունակութեան այժմէականութիւնը եւ միւս կողմէ բժշկապետին ապրած ժամանակ մեր հայ բժիշկներուն հասած բարձրութիւնը, կը շարունակենք բժշկապետին «Բժշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածելով մեր ընթերցողներուն ներկայացնել:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

«Քանզի եթէ կը հաւատանք, թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ետ պիտի բերէ ննջեցեալները Յիսուսի միջոցով անոր հետ։ Ապա մենք ալ, որ ողջ մնացած պիտի ըլլանք՝ անոնց հետ միասին պիտի յափշտակուինք տարուինք ամպերու վրայէն Տիրոջ ընդառաջ օդին մէջ եւ այդպէս Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք մշտապէս» (Ա․ Թես 4։13-16)։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Կիրակի երեկոյ էր, ու դռները փակ էին» (տե՛ս Յհ 20.19):
Կրկնակի պատճառով երեկոյեան երեւցաւ անոնց. առաջին՝ որովհետեւ գիշերով մարդիկ աւելի կը վախնան, երկրորդ՝ քանի որ ցերեկը ցրուած էին եւ հրեաներէն վախնալու պատճառով չէին կրնար միասին հաւաքուիլ. երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ձեր մահուան երեկոյին կրնաք զԱստուած տեսնել, իսկ թէ փակ դռներով, որպէսզի ցոյց տայ, թէ նոյն կերպով ալ Կոյսէն ծնայ: 

Էջեր