ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ, ՆԵՐՍԸ ԵՒ ԴՈՒՐՍԸ. ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ, ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԵՑՈՒՄ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբեմն կանգ պէտք է առնել, դիտել ու դատել ժողովուրդները եւ անհատները՝ անոնց աղաղակած գաղափարները լսելով: Անոնք այնքա՜ն կը սիրեն ազատութիւնը, անոր մասին ճառել, որուն համար պայքարներ կը մղեն, յեղափոխութիւն կ՚ընեն, կը զոհուին եւ զոհեր կը խլեն, բայց միշտ ալ յուսախաբութիւններու առջեւ կը գտնեն իրենք զիրենք եւ կը վերսկսին ազատութիւն(ներ) նուաճելու արշաւը: