Հարթակ

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, եւ հայ մամուլին նուիրուած տարուան լրումին հետ կը բարձրաձնեմ նիւթ մը, որ այսօր ալ կը շարունակէ աղերս ունենալ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։

ԵՓՐԵՄ ՊԱՊԻԿԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

-Այսօր ալ արթնցայ, առտու է նորէն: Է՜հ, ի՞նչ ընել առտուն, ի՞նչ ընել իրիկունը, օրերը, շաբաթները, ամիսները..., ի՞նչ ընել առանձին կեանքը, աս օտար, անշունչ, անմարդ պատերուն մէջ...

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

ԵՐԱՄ

Ամէն տարուայ ամէն ամսուայ ամէն օրուայ պէս օր մըն է դեկտեմբեր 31-ը իր համար։
Այս տարի ալ, այդ օրը, կ՚արթննայ սովորականին նման, առանց որեւէ զգացումի, առանց որեւէ կիրքի կամ նպատակի։ 

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ՀԱՇՈՒԵՓԱ՞Կ, ԹԷ՞ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Մարդկութիւնը հաշուեփակով մը հրաժեշտ տուաւ նախկին «Նոր Տարուան» եւ նոր նախահաշիւով մը կը մեկնարկէ Նոր Տարին։ 2019-ն այլեւս «հին» մականուամբ կը բնորոշուի, իսկ 2020-ը անցաւ պատմութեան գիրկը՝ իրեն հետ տանելով ուրախ ու տխուր, գունեղ եւ գունատ, պայծառ ու մութ օրեր։

ՈՉ՝ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 

Փտածութեան հայերէն հոմանիշները կամ բացատրութիւնները կը տրուին որպէս «նեխածութիւն», բայց նաեւ՝ «անբարոյականութիւն»։ Այս իմաստով՝ փտածութիւնը, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը, ստացած է ու տակաւին կը ստանայ տարբեր բովանդակութիւն։

ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵԾ ՏԱԳՆԱՊԻՆ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՉԵՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ընդամէնը ժամեր մեզ կը բաժնեն նոր տարեմուտէն։ Մերձաւոր Արեւելեքի կտրուածքով բախտառիթ տարի մը չեղաւ ոչ միայն ինն տարիէ ի վեր տագնապի մէջ տապլտկող Սուրիոյ, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ տնտեսական բարդ դրութեան մատնուած Լիբանանին համար։

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՔՐԻՈՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ԿԱՄ ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԷԿ ՏՕՆ ՈՒՆԵՆԱՆՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն քաղաքին մէջ՝ ուր ծնած եմ, երբեք տարբերութիւն չեմ նկատած, չեմ խորհած, թէ ճիշդը ո՛ր եկեղեցին յաճախելն է։ Քրիստոնեաներս գեղեցիկ մօտեցում մըն ալ ունինք, երբ բարձրագոչ կը յայտարարենք, թէ «բոլորը Աստուծոյ տուներն են, եւ հոն ուր ծունկի կու գաս եւ աղօթք մը կ՚ընես, հոն զԱստուած պիտի գտնես...»։

ԱՌՑԱՆՑ ԵՒ ԱՆՑԱՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մենք բոլորս ալ առցանց բարեկամներ եւ իրական կեանքի՝ անցանց բարեկամներ ունինք: Անշուշտ երկու պարագային ալ կան առաւելութիւններ եւ անպատեհութիւններ, որոնց երբեմն չենք անդրադառնար:

Էջեր