Հարթակ

ԽՈԶՈՒԿԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կէտ, կէտ, ստորակէտ,
Քիթ ու բերան՝ շրջանակ...
Անլեզու մանուկը կը զուարճանայ թուղթ ու գրիչով,
վրդովմունքը կը խաղաղի այսպիսով:

ՄԵՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ (ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ)

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում.- Սուրբ Գիրքին ըսածը, թէ Աստուած տիեզերքը վեց օրերու ընթացքին ստեղծեց, ինչպէ՞ս կը համաձայնի երկրաբաններու կարծիքներուն հետ, որոնք տիեզերքի ստեղծագործութիւնը հազարաւոր տարիներու կը վերագրեն։
Պատասխան.-
Իմացիր, թէ ստեղծագործութեան օրերը, մեր օրերու նման արեգակնային չեն…

ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ծափահարութիւնը գնահատանքի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քաջալերել եւ խրախուսել հանդէս եկող արուեստագէտը։ Ան իր մեկնաբանութեան արժեւորումը կը տեսնէ ծափահարութեան որակին՝ որոտընդոստ կամ յոտնկայս, եւ տեւողութեան մէջ։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԷ՛

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4)։
Պէնտէկոստէի օրը՝ որպէս բարձրակէտը քրիստոնէական կրօնքին՝ յաճախ մեր միտքն ու սիրտը, եւ մեր ողջ էութիւնը կը լեցնէ Մխիթարիչին՝ Ս. Հոգիին գալստեան հրաշազան ու հրճուափառ ներգործութեամբը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զբանս»։

«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս երկու պատուիրանները՝ սէր առ Աստուած եւ սէր առ ընկեր, օրէնքներու համառօտութիւն կը կոչուին: Այս պատուիրանները Տասնաբանեայ պատգամներէն առաջ տրուած էին, որոնք Օրինաց եւ Ղեւտացւոց գիրքերուն մէջ կը յիշուին. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սիրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ.Օր 6.5). «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Ղւ 19.18):

ԵՕԹ ԱՄԻՍ ԱՌԱՆՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանցի լրագրողներու ջախջախիչ տոկոսը կը հաւատայ, որ մինչեւ տարեվերջ երկիրը նոր կառավարութիւն մը պիտի չունենայ։ Մօտաւոր անցեալին Լիբանանի քաղաքական շրջանակներուն համար մեծ հարց մը չէր կառավարութիւն կազմելը, որովհետեւ անուններու, քաղաքական կողմերու կամ նախարարական պայուսակներու «դասաւորումը» կը կատարուէր դուրսէն։ Լիբանանցիներու կարեւոր տոկոսը դժգոհ էր այդ կացութենէն, բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը կը կազմուէր շատ արագ եւ «գէշ-աղէկ» կը ղեկավարէր երկիրը։

ԵՐԳԻՉՆԵՐ ԵՒ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ՝ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Յատկապէս քաղաքականութեան մէջ տարածուած սովորութիւն մըն է հռչակաւոր աստղեր՝ երգիչներ, դերասաններ մասնակից դարձնել ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ՝ բազմամարդ հաւաքներուն, յաւելեալ քուէներ «որսալու» նպատակով: Այս միջոցին արդիւնաւէտ ըլլալը կը մնայ հարցական: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան ընթացքին այս երեւոյթին անդրադարձած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի կայքը:

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՖՐԱՆՍԱ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցեալ նոյեմբերէն ի վեր Փարիզ անհանգիստ է։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Ֆրանսա Եւրոպայի «սիրտն» է, ապա ուրեմն Փարիզ պէտք է համարուի ամբողջ Եւրոպայի արիւնատար հիմնական երակը։ Ֆրանսայի զարգացումները «երեւելի» կը դառնային անցեալ նոյեմբերի առաջին կիսուն, երբ մեծ թիւով ցուցարարներ փողոց կ՚իջնէին վարչապետ Ֆիլիփի կառավարութենէն պահանջելով՝ ջնջել այն նախագիծը, որով հեղուկ վառելանիւթի գինը պիտի բարձրանար։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՐՈՆՈՒՄ (Բ.)

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մարիա կը մնայ իր ընկալման սահմաններուն մէջ ու շնորհակալութիւնը կը յղէ տարերքներուն Արարիչին, ինչպէս միշտ կ՚ընէ եկեղեցւոյ կամարներէն ներս, ուր կը վերանայ, երկիւղածութեամբ կը համակուի, կը մենանայ Անոր հետ իր աղերսներուն ու շնորհակալութեանց յղման ընթացքին:

ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս դէպքը վերջերս տակաւին պատահած է Ճաբոնի մէջ։ Արդարեւ, 35 տարեկան Աքիհիքօ Քոնտօ նոյեմբեր 4-ին ամուսնացած է պուպրիկի մը հետ եւ ամուսնութեան այդ խրախճանքին ծախսած է 18.000 տոլար։

Էջեր