Հոգե-մտաւոր

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԷ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զոյգերու դաւաճանութիւնը շատ աւելի տարբեր երեւոյթ մը կը ստանայ, երբ կողմերը ունին զաւակներ. այդ դաւաճանութիւնը նման պարագայի զոյգերու մէջ տրուած խոստումի մը խզումէն դուրս գալով շատ աւելի լուրջ խնդիրներ կը ներառէ:

ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս այն հատուցումը, զոր հասարակութիւն մըն է խնդրոյ առարկան՝ որ պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի։

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԶ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անկասկած, ամուսնալուծութեան մեծագոյն պատճառներէն մին զոյգերու իրարու հանդէպ ի գործ դրած դաւաճանութիւնն է, սակայն դաւաճանութենէն շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր խնդիր մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ դաւաճանութիւնը պատճառն է այլ հիմնական հարցերու, որոնք զոյգերը կ՚առաջնորդէ նման յոռի որոշումներու:

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խոնարհութիւնը քրիստոսաւանդ առաքինութիւն է։
Արդարեւ, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւններէն առաջ է, իսկ փառասիրութիւնը, մեծամտութիւնը՝ բոլոր ուխտերուն առաջինը։ Առաքինութեան՝ բոլոր բարի գործերուն գլուխը սէ՛րն է:

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԵ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս սէրը ունի որոշ սիւներ, որոնց վրայ կարելի է հիմնել առողջ ընտանիք մը. այդ սիւներուն ամբողջութեամբ հակառակ գոյութիւն ունին այդ սիւները քանդող ազդակներ, որոնցմէ մէկն է անկասկած նիւթական տագնապն ու անոր յառաջացուցած հարցերը:

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԴ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սեռական առողջ յարաբերութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ ամուսնական կեանքի բարեկեցութեան պահպանման գործին մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մարմնական «գործողութիւն»ներէ դուրս գալով կ՚ընդգրկէ յուզում, հոգեբանական ապրումներ, ինչ որ սիրահարներու միջեւ սէրն ու կապուածութիւնը կ՚ամրապնդէ:

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԳ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դարեր շարունակ տարբեր կարծրատիպեր ձեւաւորուած են այն հարցին շուրջ, թէ տուն մը մայրիշխանութեա՞մբ՝ թէ ոչ հայրիշխանութեամբ պիտի առաջնորդուի: Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է դերերու տարբեր բաժանումներ եւ մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները թէեւ փոքր փոփոխութիւններով, հասկացողութիւնը մնացած է նոյնը. տան մէջ տիրած է հայրիշխանութիւն:

Էջեր