Հոգե-մտաւոր

Ո՞ՒՐ ԷԻՐ ԱՇԽԱՐՀ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատերազմին ինչ ըլլալն ու ինչպիսի աւերներ գործելը հայ ազգէն աւելի ուրիշ ազգ մը դժուար թէ հասկնայ եւ ըմբռնէ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ այդ պատմութիւնը փաստ է, թէ այդ կրակը անպակաս եղած է հայ ժողովուրդէն:

ՄԱՀԷՆ ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԵՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւին մէջ հրատարակեցինք Միսաք Մանուշեանի կենսագրութիւնը, որ հակառակ մահուան հաստատուն մնացած էր իր գաղափարախօսութեան ու համոզումներուն:
Երկու օրեր առաջ գտայ իր կնոջ գրած անոր վերջին նամակը, որ փաստացիօրէն գրուած է մահէն ընդամէնը մի քանի ժամեր առաջ

Ո՞Վ Է ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 9 յուլիս 1951-ին Ամերիկայի Պետական քարտուղար Տին Աշսըն կոչ կ՚ուղղէ հայ ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան ըսելով.- «Ամերիկայի Ձայնը յետ այսու ձեր հետ պիտի խօսի հայերէն լեզուով եւ ձեզի պիտի տեղեկացնէ ազատ աշխարհի անցուդարձը ճշմարտութեան եւ իրականութեան լոյսին տակ»:

ՏՈՒԳԱՆԵԼՈՒ ԼԱ՛Ւ ԱՌԱՋԱՐԿ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, հակառակ յայտարարելով թէ «ժողովուրդը տուգանքի առարկայ չէ՛», կը շարունակէ ամէ՛ն ձեւով տուգանել արդէն իսկ թշուառութեան մէջ ապրող իր քաղաքացիները, որոնք «շունչ քաշել»ու համար կը սկսին երկրէն դուրս՝ դէպի «ազատութիւն» ու «հանգստութիւն» տանող ճամբան փնտռել:

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՆՔՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՄԲ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակներու փոփոխութեան հետ կը փոխուի գրեթէ ամէն բան, կը փոխուին մտայնութիւնները, փոխանցուած կրթութիւնն ու անոր չափանիշները, հաւատալիքները, սահմանները եւ գրեթէ՛ ամէն ինչ՝ ներառեալ մարդը:

ՏԱՂԱՆԴՆ ՈՒ ՇՆՈՐՀՔԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ հայերէն լեզուն հարուստ եւ իր այդ հարստութեան համար տեղ մը դժուար է: Շատ անգամ կրնան գոյութիւն ունենալ երկու բառեր, որոնք կը թուին նոյնը ըլլալ, սակայն իրողութեան մէջ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր են:

ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 15 յունիս 1915-ին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ մահուան դատապարտուած Փարամազ կախաղանին վրայէն, նախքան իր վերջին շունչը փչելը կը յայտարարէր. «Դուք միայն մեր մարմինները կրնա՛ք կախել, իսկ մեր գաղափարը՝ ո՛չ»:

ՎԱՐԴՈՒԿ ՏԱՏԻԿՆԵՐԸ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իշխանութեան մը յաջողութեան եւ կամ ձախողութեան ընդհանուր չափանիշը ի՞նչ է չե՛մ գիտեր... սակայն վստահ եմ, որ ինծի համար այդ չափանիշը մարդն է ու այնքան ժամանակ որ մարդիկ աղքատութեամբ ու պետութիւնը հարստութեան մէջ կ՚ապրի, այդ իշխանութիւնը ի սկզբանէ անյաջող է:

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԼ ԿԸ ԶՂՋԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չեմ գիտեր մեղանչած կ՚ըլլամ թէ ոչ, սակայն սկսած եմ ունենալ այն համոզումը, որ Աստուած զղջացած է...:  Սկսած զղջալ որ ջրհեղեղը կատարեց Նոյի ժամանակաշրջանին, իսկ աւելին ծիածանի ճամբով խաղաղութեան ուխտ կնքեց Նոյի հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չկատարելու:

ՓԱԹԹՈՒԿ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակին գրեթէ ամէ՛ն տեղ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ՛ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ իսկ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ սկսան «գիտափորձ» անուան տակ փողոց դուրս գալ եւ ցուցանակ մը ձեռքին օտարներուն փաթթուելու առաջարկ ընել. ձեզմէ քանինե՞ր յանձն կ՚առնէին ճամբու կէսին, անծանօթի մը հետ փաթթուիլ, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եղէք որ շա՜տ շատեր կ՚ընեն այդ մէկը, հիմնուելով հիմնական երկու պատճառներու.-

Էջեր