ՄԱՐԴ ԵՐԲԵՔ ՄԻՆԱԿ ՉԷ՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբեք մինակ չէ՛, որքան ատեն որ Աստուած իրեն հետ է եւ փոխադարձաբար՝ Անոր հետ է մարդ։
Եւ քանի որ Աստուած, ըստ էութեան ամէն տեղ է, ապա ուրեմն ամէն մէկ մարդու հետ է, եւ ասիկա Անոր աստուածային բնութեան մէկ հետեւանքն է։