ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կիրակի գիշեր Պոլսոյ Պատրիարքարանը գուժեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման բօթը: Այս գուժով հայ ազգը ընդհանրապէս, եւ պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս կորսնցուց նուիրեալ մը, որ Եկեղեցին սիրեց իր բովանդակ հոգիով ու սիրտով ու գիտցաւ ծառայել անոր իր ձիրքերով եւ բազմակողմանի հմտութեամբ: