ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԳՈՐԾԵԼ ՅՕԳՈՒՏ ՄԱՄՈՒԼԻՆ (ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ)
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Գիտեմ, որ առաջարկներս վերջ չունին: Ամէն անգամ նոր առաջարկ մը յառաջ կը քաշեմ: Բայց ի՞նչ ընեմ. ես չեմ կրնար թութակի պաշտօն ստանձնել ու կրկնել այն բոլոր խօսքերը, որոնք հազարումէկ անգամ ըսուած են ձեռնարկներու ատեն կամ թերթերու մէջ: