ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ «բարոյական բարի»ին։ Բարոյական բարին՝ Աստուծոյ պատգամներուն կենսագործումն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ «բարոյական բարի»ին։ Բարոյական բարին՝ Աստուծոյ պատգամներուն կենսագործումն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նորութիւնը գեղեցիկ է արդարեւ եւ յուսախաբութիւն չի պատճառեր, քանի որ նորը եւ նորութիւնը միշտ յոյս մը ունի իր մէջ։ Ուստի գեղարուեստի որեւէ ճիւղ ընդգրկել եւ անոր մէջ անուն մը ունենալ բաղձացող երիտասարդներ պէտք է նկատի ունենան այս իրականութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը բոլոր առաքինութիւններու, բոլոր մեծագործութիւններու, բոլոր օրէնքներու հիմը եւ խարիսխն է. ան անուշ ներդաշնակութիւնն է մարդկային կամքին, երկնային մեղեդին մարդուս խորհուրդներուն, զօրեղ զսպանակը անոնց յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, սէրը հիմն է եւ պատճառը կեանքին, քանի որ կեանքը սիրով կը սկսի եւ սիրով կը շարունակէ իր ընթացքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Աստուած չի դադրիր երբեք մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«-Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբէութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց». (ԳՈՐԾՔ. Ե 4-5)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանեկան, ընկերային, բարոյական եւ կրօնական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունի շաբաթներու այն շրջանը՝ որ կը կոչուի «Մեծ պահք»։ Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս հասաւ այդ շրջանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վերջալոյսը երկունքի շրջան մըն է շատերուն համար, քանի որ անոր կը յաջորդէ խորհրդաւոր գիշերը՝ մութը եւ խաւարը։ Մութը, արդարեւ ունի իր խորհուրդը, ան կը ծածկէ ամէն իրողութիւն, ամէն երեւոյթ եւ ամէն ճշմարտութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւորը իր բովանդակ թագաւորութեան ժամանակ այն քաղաքականութեան կը հետեւէր, թէ իր տէրութեան ապահովութեան համար անհրաժեշտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսիկներու հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք հայերէնի նրբերանգներուն մասին՝ օգտուելով այս մասին հմուտ անձերու փորձառութիւններէն։ Այս ուղղութեամբ կը ներկայացնենք «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր Բենիամին Թաշեանի (1896-1971) «Լսարան Հայ Լեզուի» հատորէն հատուածներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ պատահած է պահեր, նոյնիսկ շրջաններ, երբ դժուարութիւններու մատնուած ենք, նեղութիւններու հանդիպած, մենք զմեզ անելներու առջեւ գտած, տակնուվրայ եղած, յուսալքուած, ինկած տրամադրութեամբ մը կարծած ենք, որ ամէն բանի վերջը հասած է, եւ երբ յոռեգոյնին կը սպասէինք՝ Աստուած միջամտած, խնդիրները լուծուած, հարցերը շտկուելու սկսած են. մէկը միւսին ետեւէն հրաշքներ տեղի ունենալու սկսած, եւ կարճ ժամանակի մէջ մեր ակնկալածին, մեզի մտահոգութեան առաջնորդողին ճիշդ հակառակը պատահած է։