Հոգե-մտաւոր

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։

ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բարոյական ընտրանքի մը դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակը կազմել թիւր դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։ Ուստի, մարդը երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։

ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԲՆՈՅԹԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդէն Աստուծոյ տրուած հաւատքի պատասխանը՝ մարդկային ըլլալու համար, պէտք է «ազատակամ» ըլլայ, հետեւաբար, ոչ ոք պէտք է հարկադրել հակառակ իր կամքին հաւատքը ընդգրկելու. արդարեւ հաւատքի արարքը իր բնոյթով «կամաւո՛ր» է։

ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք մըն է։ Արդարեւ կարեւորը կեանքը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր, պտղաբեր եւ օգտակար ապրիլն է։ Մարդուս կեանքը իմաստ կը գտնէ իր նմաններուն երջանիկ կեանքով, ինչ որ կարելի է մարդասիրութեան եւ իրերօգնութեան ոգիի մը գործադրութեամբ։

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Սարգիս ծնած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառին մէջ։ Ան եղած էր զինուորական եւ Կոստանդիանոս կայսրի շրջանին՝ անոր թագաւորութեան միջոցին հասած էր մինչեւ ստարատեգութեան, այսինքն՝ զօրապետութեան, զօրավարի աստիճանին։

ԱՐԾԻՒԷՆ ԱՌՆԵԼ ԴԱՍԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի շատ խօսքերը կը պարզուին բնական պատմութեան զանազան ճիւղերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններով միայն։ Զոր օրինակ, (Բ ՕՐՆ. ԼԲ 11-13) համարներուն մէջ խնամքը զոր Աստուած ունի իր ժողովուրդին վրայ՝ կը նմանցուի այն խնամքին, զոր արծիւը ունի իր ձագերուն վրայ։

Էջեր