ԿԵԱՆՔԻ ԶԱՌԻԹԱՓՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը ունի ելեւէջներ, եւ անշուշտ զառիթափներ՝ որոնց կ՚ենթարկուի ամէն մարդ, երկար կամ կարճ ժամանակ, երբեմն ամբողջ կեանքի տեւողութեան, երբեմն ալ՝ շուտ մը մոռցուելու չափ ժամանակաւոր եւ աննշան։ Կեանքի մէջ կան բազմաթիւ իրողութիւններ՝ դէպքեր եւ երեւոյթներ, զոր օրինակ՝ զուարճութիւն, հաճոյք՝ երբեմն չափազանցուած կերպով, երբեմն ալ անվնաս նկատուած բնական եւ արուեստական ձեւերով։