ՎԱՅԵԼՔԻ ԸՆԴՈԾԻՆ ՁԳՏՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատներու եւ հասարակութեան քաղաքակրթական բովանդակ կերտուածքը վայելքի ձգտումին մարմնացումը եւ գործադրո՛ւմն է։
Արդարեւ, մարդկային բոլոր աշխատութիւններուն, տքնութիւններուն, տուայտութիւններուն պատմութիւնն է քաղաքակրթութիւնը։