ՈՒԺԸ ՄԵ՛Ծ Է ԵՐԲ ԶՍՊՈՒԱԾ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուժը կարեւոր ազդակ մըն է կեանքին համար։ Արդարեւ ո՛ւժն է որ ընթացք կու տայ կեանքին, ո՛ւժն է որ կ՚երաշխաւորէ կեանք, եւ ո՛ւժն է որ ապահով ընթացք մը կը պատրաստէ կեանքին։ Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ՝ ինչպէս նիւթական-ֆիզիքական՝ նոյնպէս եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը ընդհանրապէս լուռ են։