ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Ե -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ մարդս պէտք է պատասխանատո՛ւ ըլլայ իր գործողութեան լաւ կամ վատ հետեւանքներուն համար, ան պիտի ունենայ ո՛չ միայն որոշեալ չափահասութիւն կամ կատարեալ տարիք, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածութիւն, այլ նաեւ «կամքի ազատութիւն», կամ որ նոյնն է՝ «յօժարակամ հաճութի՛ւն»։